Շփման գիծի որեւէ փոփոխութիւն թոյլ չենք տար. ՀՀ ՊՆ

«Յուլիս 19-ի ուշ երեկոյեան եւ 20-ի գիշերը, մինչեւ ժամը 02։00, ատրպէյճանական զինուած ուժերը շարունակած են հրաձգային զինատեսակներէն, առանց ականանետերու կիրառման, գնդակոծել հայ-ատրպէյճանական սահմանի Երասխի հատուածին տեղակայուած հայկական դիրքերը:
Քանի մը ժամ տեւած փոխհրաձգութեան հետեւանքով հայկական կողմէն վիրաւորուած է Երասխ համայնքի ղեկավար Ռադիկ Օղիկեան, որ այդ պահուն կը կազմակերպէր ատրպէյճանցիներու գործողութիւններուն պատճառով տեղանքին մէջ բռնկած հրդեհը մարելու աշխատանքները։
Հայաստանի զինուած ուժերը կը յայտարարէ, որ շփման գիծի որեւէ փոփոխութիւն թոյլ չի տալու»,-ըսուած է ՊՆ հաղորդագրութեան մէջ։