Որո՞նք եւ ո՞ր յանցագործութիւնները պիտի ներուին․ համաներման նոր նախագիծ

Իրաւական ակտերու նախագիծերու հրապարակման միասնական կայքին մէջ շրջանառութեան մէջ դրուած է Արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ ներկայացուած «Համաներում յայտարարելու մասին» օրէնքի նախագիծը:
Նախագիծով կ'առաջարկուի համաներում յայտարարել 2020 թուականի 26 Սեպտեմբերը ներառեալ ոչ մեծ եւ միջին ծանրութեան յանցանք կատարելու մէջ կասկածուող, մեղադրուող կամ այդ յանցանքը կատարելու համար դատապարտուած այն անձանց վրայ, որոնք 2020 թուականի 27 Սեպտեմբերէմ մինչեւ 9 Նոյեմբերը ինկած ժամանակահատուածին մասնակցած են արցախեան 44-օրեայ պատերազմին։
Կ'առաջարկուի համաներում կիրառել նաեւ 44-օրեայ պատերազմին մասնակցած այն զինծառայող անձանց նկատմամբ, որոնք կը կասկածուին, կը մեղադրուին կամ դատապարտուած են ռազմական դրութեան ժամանակահատուածին՝ 2020թ․ 27 Սեպտեմբերէն մինչեւ 2021 թ․ 24 Մարտը ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 32-րդ գլուխով նախատեսուած զինուորական ծառայութեան կարգի դէմ ուղղուած յանցանք կատարելու համար։
Կը նախատեսուի նաեւ, որ օրէնքի նախագիծի ընդունման պարագային համաներումը պիտի կիրառուի նաեւ մինչեւ այս օրէնքն ուժի մէջ մտնելը հետախուզման մէջ գտնուող այն անձանց նկատմամբ, որոնք մինչեւ 2022 թուականի 1 Փետրուարը ներառեալ անձամբ կամովին կը ներկայանան քրէական հետապնդման մարմիններ, իսկ եթէ գործը դատարանի վարոյթի մէջ է` դատարան։
Կառավարութիւնը կը հիմնաւորէ, որ նման քայլի երթալով կը գնահատուի ռազմական գործողութիւններու ընթացքին զինուած ուժերու կողքին կանգնելու քաղաքացիական պարտքի կատարման վեհ գործին նուիրումը, որուն ի պատասխան կը ցուցաբերուի մարդասիրական մօտեցում զինուորական ծառայութեան կարգի դէմ ուղղուած յանցագործութիւններ կատարած անձանց նկատմամբ: