Որոնք են ինքնաբացարկի դիմում ներկայացուցած 16 ՔՊ-ականները

«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ընտրական ցուցակի 16 անդամներ ինքնաբացարկի դիմումներ ներկայացուցած են ԿԸՅ: Սա կը նշանակէ, որ ցուցակի առաջնային հատուածին մէջ տեղ զբաղցուցած պատգամաւորի այս թեկնածուները այլ պաշտօններ պիտի ստանձնեն:
Ստորեւ կը ներկայացնենք ինքնաբացարկ յայտնած անձերն ու անոնց պաշտօնները.
Ինքնաբացարկի դիմում ներկայացուցած է ՔՊ ցուցակը գլխաւորող, վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը: Ան իշխող ուժի վարչապետի թեկնածուն է:
Իր մանտաթէն հրաժարած է նաեւ գործող խորհրդարանաի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը: Թէ ինչ պաշտօն պիտի ստանձնէ Միրզոյեանը, դեռ յայտնի չէ:
Ցուցակի 3-րդ համարը ներկայացնող Լիլիթ Մակունցը, որ գործող խորհրդարանին մէջ «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավարն է, առաջիկային պիտի նշանակուի ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպան:
Ցուցակի չորրորդ համարը՝ Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Սուրէն Պապիկեանը, որ ըստ մամուլի մէջ տեղ գտած լուրերու, առաջիկային պիտի նշանակուի փոխվարչապետ, եւս ինքնաբացարկ յայտնած է:
Ինքնաբացարկի դիմում ներկայացուցած է նաեւ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեանը: Կ'ենթադրուի, որ ան որոշած է պահպանել գործադիրի մէջ իր պաշտօնը:
Ինքնաբացարկ ներկայացնողներու շարքին են նաեւ Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Անահիտ Աւանեսեանը, Շրջակայ միջավայրի նախարար Ռոմանոս Պետրոսեանը, Շիրակի մարզպետ Յովհաննէս Յարութիւնեանը, Գեղարքունիքի մարզպետ Գնել Սանոսեանը, Արմաւիրի մարզպետ Համբարձում Մաթեւոսեանը, Լոռիի մարզպետ Արամ Խաչատրեանը, Արագածոտնի մարզպետ Դաւիթ Գէորգեանը, Վաղարշապատի համայնքապետ Տիանա Գասպարեանը, «Իմ քայլը» խմբակցութեան քարտուղար Յակոբ Սիմիդեանը, ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարի առաջին տեղակալ Նարեկ Մկրտչեանը, ՀՀ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարի առաջին տեղակալ Արմէն Փամբուխչեանը:
Ինքնաբացարկի դիմումներու համար ԿԸՅ կողմէ տրուած ժամկէտը կը սպառիվաղը՝ 18:00-ին: Չի բացառուիր, որ մինչ այդ ըլլան այլ ինքնաբացարկներ եւս:
Յիշեցնենք, 8-րդ գումարման խորհրդարանին մէջ ՔՊ-ն պիտի ունենայ 71 մանտաթ: