Որոնք երէկ կանխած են 7 հրասայլով, 1 Տ-90-ով ու 5 զրահափոխադրիչ մեքենայով յարձակումը. հերոսական նոր դրուագներ

2020-10-19
Image

18 Հոկտեմբերին ատրպէյճանական զինուած ուժերը հարաւային ուղղութեամբ ձեռնարկած էին հրասայլերով ուղեկցող յարձակում՝ օգտագործելով 7 հրասայլ, այդ շարքին՝ մէկ միաւոր Տ-90, 5 զրահափոխադրիչ` հետեւակի տեղափոխման համար։

Հակառակորդը նպատակադրուած էր սրընթաց յարձակմամբ կրակային եւ հոգեբանական ճնշում գործադրել անձնակազմի վրայ՝ ապահովելով ճեղքում սահմանի կարեւոր հատուածին:

Գնդապետներ Ստեփան Գէորգեանի, Սթանիսլաւ Երեոմինի եւ հակաթանկիստ, շարքային Գարիկ Առաքէլեանի մասնագիտական վարպետութեան, բարոյեակամային բարձր որակներու եւ գերազանց ներդաշնակ գործողութիւններու շնորհիւ յարձակումը խափանուած է եւ հակառակորդը քանի մը քիլոմեթր ետ շպրտուած է։ Հերոսական դրուագի մասին իր դիմատետրի էջին յայտնած է ՀՀ ՊՆ խօսնակ Շուշան Ստեփանեանը։