Որոշուեր է 44-օրեայ պատերազմի հանգամանքները ուսումնասիրող ԱԺ քննիչ յանձնաժողով ստեղծել. Ալեն Սիմոնեան

2021-07-27
Image

Ինչպէս աւելի վաղ հաղորդած էինք,  ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեան նիստ գումարած է, որու ժամանակ հանդիպած էր «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ընտրուած պատգամաւորներուն հետ։

26 Յուլիսին կայացած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ԱԺ փոխնախագահ՝ Ալեն Սիմոնեան ըսած է. «Նախեւառաջ քննարկեցինք գալիք աշխատանքը, ԱԺ-ի եւ կառավարութեան հետ համագործակցութիւնը։ Որոշում է կայացուել, որ  քննիչ յանձնաժողով է ստեղծուելու 44-օրեայ պատերազմի վերաբերեալ։ Եւ այդ հարցում, կարծում ենք, նաեւ արտախորհրդարանական ընդդիմութեան մասնակցութիւնը նոյնպէս պէտք է լինի»:

Դիտարկման, որ ընդդիմութիւնը բազմիցս յայտարարած է, որ 44-օրեայ պատերազմին վերաբերող յանձնաժողովը, որ պիտի ստեղծէ այս իշխանութիւնը, չի կրնար առարկայական քննութիւն կայացնել, Ալեն Սիմոնեանն արձագանգած է. «Առարկայականութեան եւ ընդդիմութեան գնահատականների վերաբերեալ գնահատականները բոլոր ընտրութիւններից առաջ հնչեցրած գնահատականներ են: ՀՀ ժողովուրդը այդ բոլոր հարցերի պատասխանը ամսի 20-ին տուեց: ՀՀ ժողովրդի որոշումը քննարկել այլեւս ոչ մէկը չի համարձակուի»:

Ալեն Սիմոնեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ նիստին քննարկուած են այլ տարբեր հարցեր՝ զուտ ԱԺ-ի կազմակերպչական, յանձնաժողովներու եւ կանոնադրութեան հետ կապուած։