Ուաշինկթընը Պաքուէն պիտի պահանջէ դուրս բերել իր ուժերը ՀՀ տարածքէն. ԱՄՆ նախագահի խորհրդականը՝ Փաշինեանին

2021-05-18
Image

Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվանի հետ՝ վերջինիս նախաձեռնութեամբ:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, Նիկոլ Փաշինեանը շնորհակալութիւն յայտնած է ԱՄՆ նախագահի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին ըրած յայտարարութեան կապակցութեամբ՝ նշելով անոր առանցքային նշանակութիւնը:

Զրուցակիցներն անդրադարձած են հայ-ատրպէյճանական սահմանին ստեղծուած իրավիճակին։

Ըստ աղբիւրի՝ ամերիկեան կողմը անընդունելի եւ սադրիչ համարած է Հայաստանի սահմանէն ներս ատրպէյճանական ուժերու իրականացուցած գործողութիւնները եւ տեղեկացուցած է, որ ԱՄՆ դիրքորոշումը պիտի ներկայացուի նաեւ ատրպէյճանական ղեկավարութեան՝ պահանջելով դուրս բերել իրենց ուժերը ՀՀ տարածքէն:

Խորհրդական Սալիվանը բարձր գնահատած է տուեալ իրավիճակին մէջ հայկական կողմի ցուցաբերած զսպուածութիւնը եւ հարցերը ոչ թէ ռազմական, այլ դիւանագիտական ճանապարհով լուծելու քայլերը:

ՀՀ վարչապետի աշխատակազմէն նաեւ յայտնած են, որ ամերիկեան կողմը իր մտահոգութիւնը յայտնած է նաեւ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու առնչութեամբ եւ ընդգծած անոնց վերադարձի ապահովման կարեւորութիւնը։

ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականը բարձր գնահատած է ժողովրդավարութեան ամրապնդման հարցով Հայաստանի կառավարութեան յանձնառութիւնը եւ հաւաստիացուցած, որ ԱՄՆ-ն պիտի շարունակէ աջակցիլ Հայաստանին ժողովրդավարական օրակարգի առաջմղման հարցով: