Չաւուշօղլուն Հայաստանը մեղադրած է ահաբեկչութեան մէջ

2021-11-18
Image

Թուրքիան ՀՀ Սիւնիքի մարզին մէջ Հայաստանի գործողութիւնները կը համարէ ահաբեկչական յարձակում եւ կը խոստանայ մինակ չթողել Ատրպէյճանին ստեղծուած իրավիճակին մէջ։ Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն:

Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարը կոչ ըրած է համատեղ քայլեր ձեռնարկելու տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման համար. «Եթէ Հայաստանը պատրաստ է, ապա Թուրքիան եւս պատրաստ է։ Երեւանի համար սադրանքները ձախողումներ պիտի ըլլան»։

Չաւուշօղլուի խօսքով՝ Անգարան հանդէս կու գայ տարածաշրջանին մէջ երկարաժամկէտ կայունութեան եւ համագործակցութեան նոր էջի բացման օգտին։

«Երեւանը պէտք է մէկընդմիշտ ճանչնայ, որ անոնք Ատրպէյճանի տարածքներն են, որոնք ապօրինի կերպով բռնագրաւուած են Հայաստանի կողմէ», ըսած է նախարարը: