Չափազանց մտահոգ եմ. Գերմանիոյ փոխդեսպանը ցնցուած է Ջերմուկի աւերածութիւններէն

2022-09-17
Image

Գերմանիոյ նորանշանակ փոխդեսպան, ներկայիս գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Էրիք Թինթրուփը ցնցուած է աւերածութիւններու այն պատկերէն, որ տեսած է Ջերմուկի մէջ: Այս մասին կը տեղեկանանք Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանութեան դիմատետրեան էջէն։

Նշենք, որ երէկ շուրջ 50 դիւանագէտներ ԶՈւ գլխաւոր շտաբի պետի հետ այցելած էին Ջերմուկ։ Այնտեղ ՀՀ ԳՇ պետ Էտուարտ Ասրեան անոնց ներկայացուցած է ատրպէյճանական յարձակման հետեւանքներն ու անոնց գործած վայրագութիւնները։ Ան ըսած է, որ թշնամին մխրճուած է ՀՀ ինքնիշխան տարածք 8.5 քիլոմեթր լայնութեամբ ճակատով՝ մինչեւ 7.5 քիլոմեթր խորութեամբ։ Ասրեան դիւանագէտներուն ոչ միայն պատմած է, այլեւ ցոյց տուած է տեսանիւթը, ուր կ'երեւայ, թէ ինչպէս ատրպէյճանցիները կը խոշտանգեն զինծառայողները, այդ շարքին նաեւ կանանց։

«Ջերմուկը բնութեան մէջ տեղակայուած գեղատեսիլ, խաղաղ հանգստավայր է։ Երեքշաբթի այստեղ գերմանացի զբօսաշրջիկներ ալ կային։ Այն, որ բնակիչներէն ոչ ոք զոհուած է, գրեթէ հրաշքի նման է, քանի որ հրետանային կրակոցները խփած են այս՝ սահմանէն քիլոմեթրեր հեռու գտնուող ճաշարաններու եւ ճոպանուղիի ուղղութեամբ, ընդամէնը մի քանի հարիւր մեթր բնակելի շէնքերէն ու զբօսաշրջիկներով լի հիւրանոցներէն հեռու»,-այցի ընթացքէն իր տպաւորութիւնները յայտնած Էրիք Թինփրուփը։

Անոր խօսքով` պայթումներն այնքան մօտ եղած են, որ գերմանուհի զբօսաշրջիկն իր հիւրանոցի սենեակէն կրցած է լուսանկարել զանոնք.

«Ես չափազանց մտահոգ եմ։ Մենք կ'ապրումակցինք հայ ժողոուրդին»,–գրած է փոխդեսպանը։