Չեմ կարծեր, որ Արա Այվազեանի նշած ազգային շահի դէմ գործելու խնդիրը գոյութիւն ունի. Մհեր Գրիգորեան

Ես չեմ կարծեր, որ մենք ունինք իրավիճակ, ուր Արա Այվազեանի նշած խնդիրը գոյութիւն ունի, բնականաբար, բոլորի համար առաջնային են ազգային շահերը, բայց որեւէ նման առիթ չեմ տեսներ: Այս մասին 1 Յունիսին, ԱԺ-ի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է փոխվարչապետի պաշտօնակատար Մհեր Գրիգորեանը՝ խօսելով Արա Այվազեանի՝ ԱԳ նախարարի պաշտօնէն հրաժարականի եւ հրաժարականի ժամանակ ըրած յայտարարութիւններու մասին:
Այն տեսակէտին, թէ՝ հնարաւոր է եղած է կամ կայ որեւէ ոչ հրապարակային նոր նախաձեռնութիւն, որ հրաժարականի պատճառ դարձած է, Մհեր Գրիգորեանն արձագանգած է. «Բացառէք դա, ուղղակի բացառէք: Եկէք հասկանանք պահի լրջութիւնը: Ես ընդհանրապէս չեմ հասկանում, թէ ինչպէս կարելի է անվերջ տարածել լուրեր, թէ կայ գաղտնի փաստաթուղթ, գաղտնի յաւելուած։ Չկա՛յ նման բան, ինչ որ քննարկուում է, մաքսիմալ (առաւելագոյն) հրապարակային է եւ չի կարող գաղտնի փաստաթուղթ լինել, որը չհրապարակուի եւ հանրայնօրէն չքննարկուի»:
Ինչ կը վերաբերի այն հարցին, որ հրաժարականներու շղթան կրնայ տարածուիլ այլ գերատեսչութիւններու մէջ եւ կոլապսի բերել պետական համակարգը, փոխվարչապետի պաշտօնակատարը ըսած է. «Եթէ դուք ճշդէք պատճառները կամ մեզ յայտնի դառնան պատճառները աւելի մանրամասն, նոր հնարաւոր կը լինի այդ հարցին աւելի ընդարձակ պատասխան տալ: Այս պահին չկայ նման մտավախութիւն»:
Անոր խօսքով, դիւանագիտական ճակատը պէտք է զօրաւոր ըլլայ. «Բայց կարծում եմ, որ հարցադրումները պէտք է ուղղուեն պարոն Այվազեանին ու նա աւելի ընդարձակ կը տայ այդ հարցերի պատասխանը»:
Յիշեցնենք, որ Արա Այվազեանը հրաժեշտ տալու ժամանակ ըսած էր՝ իր հրաժարականի որոշումը պայմանաւորուած էր այն պատճառով, որ երբեւիցէ որեւէ կասկած չըլլայ, որ ԱԳ նախարարութիւնը կրնայ ինչ-որ քայլ ընել կամ համաձայնութիւն տալ գաղափարներու, նախաձեռնութիւններու, որոնք մեր պետականութեան, ազգային եւ պետական շահի դէմ եղած են: