Չենք պատրաստուիր մեր տարածքներէն անգամ մէկ մեթր ետ քաշուիլ, Ատրպէյճանը պարտաւոր է հեռանալ. ՊՆ

2021-05-14
Image

Այս պահուն ատրպէյճանցիները դեռ Սիւնիք են, իրենց զբաղցուցած հատուածին մէջ են եւ կը սպասեն վերադասի հրահանգին։ Այս մասին  յայտնած են պաշտպանութեան նախարարութենէն, նշելով.

«Երէկ ուշ երեկոյեան տեղի ունեցած բանակցութիւնների ընթացքում մեր դիրքորոշումն ատրպէյճանական կողմին ներկայացուել է շատ յստակ եւ կոշտ։ Ասուել է, որ դա մեր տարածքն է, եւ չենք պատրաստուում որեւէ մեթր նրանց թողնել։ Տարածքները մերն են, եւ դա չի քննարկուում»:

Նախօրէին բանակցութիւններ տեղի ունեցած էին հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերու միջեւ։

Յիշեցնենք, որ երէկ հրաւիրուած ԱԽ նիստին վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած է, որ Հայաստանը Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի սահմանային դէպքերու առնչութեամբ դիմած է ՀԱՊԿ-ին։