Չորս հիւանդ Ստեփանակերտէն տեղափոխուած է Երեւան

2023-01-23
Image

Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը Ատրպէյճանի կողմէ արգելափակելու պատճառով Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան «Հանրապետական բժշկական կեդրոն»էն չորս հիւանդներ, այսօր՝ 23 յունուարին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ վեց հիւանդները տեղափոխուած են ՀՀ տարբեր մասնագիտացուած բժշկական կեդրոններ։

Արցախի Հանրապետութեանառողջապահութեան նախարարութեան ենթակայութեան տակ գործող բուժհաստատութիւններուն մէջ կը շարունակեն դադրեցուած մնալ ծրագրային վիրահատութիւնները։

«Արեւիկ» բուժմիաւորման մէջ 12 երեխայ կը գտնուի նորածնային եւ վերակենդանացման բաժանմունքներու մէջ:

«Հանրապետական բժշկական կեդրոն»ի մէջ 11 բուժառու կը գտնուին վերակենդանացման բաժանմունքի մէջ, որոնցմէ 4-ը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ են։

Մինչ այսօր Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած են ընդհանուր 46 հիւանդ։