Պայտըն շնորհաւորած է Փաշինեանը եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է շարունակելու ջանքերը գերիներու վերադարձի հարցով

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն շնորհաւորած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը խորհրդարանական ընտրութիւններուն տարած յաղթանակի եւ նոր կառավարութեան ձեւաւորման առթիւ:
Փաշինեանին ուղղուած շնորհաւորական ուղերձին մէջ Պայտընն ընդգծած է, որ արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններու իրականացումը կ'ընդգծէ հայ ժողովուրդի ցանկութիւնը՝ ունենալու աւելի ժողովրդավար, արդար եւ բարգաւաճ հասարակութիւն, որ զերծ է քոռուփցիայէն (փտածութենէն): «Վերջին երեք տարիներու ընթացքին Հայաստանն առաջընթաց գրանցած է այս ոլորտներուն մէջ: Միացեալ Նահանգները ուրախ է իր օժանդակութիւնը բերելու նոր պարեկային ոստիկանութեան գործարկման եւ քոռուփցիոն ցանցերու դէմ պայքարի անկախ հիմնարկներու ձեւաւորման Ձեր կատարած ջանքերուն: Մենք պիտի շարունակենք ըլլալ վստահելի գործընկեր այս նպատակներուն հասնելու ձեր աշխատանքին»,- նշած է Պայտըն:
Ան յայտարարած է, որ կը հասկնայ այն դժուարին անվտանգային մարտահրաւէրները, որոնք ի յայտ եկած են 2020 թուականին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան պատճառով: «Միացեալ Նահանգները յանձնառու է աջակցելու կողմերուն բանակցելու համապարփակ, խաղաղ կարգաւորման շուրջ՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի հովանու ներքոյ: Մենք կը յորդորենք Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին հնարաւորինս շուտ ներգրաւուիլ առարկայական բանակցութիւններու մէջ:
ԱՄՆ-ն ուրախ էր աջակցելու Ատրպէյճանէն հայ ռազմագերիները ազատ արձակելու ջանքերուն, եւ մենք պիտի շարունակենք կոչ ընել անվտանգ վերադարձնելու բոլոր գերիները: Յոյսով ենք, որ այս հարցով Վրաստանի աջակցութեամբ մեր ունեցած առաջընթացը կարեւոր հիմք կը հանդիսանայ հետագայ տարածաշրջանային համագործակցութեան համար` ի յաւելումն Մինսքի խումբի համանախագահներու կողմէ նախաձեռնուած քննարկումներու»,-ըսած է Պայտըն՝ Փաշինեանին յղած ուղերձին մէջ: