Պատերազմէն ետք գտնուած ոչ բոլոր աճիւնները կարելի եղած է նոյնականացնել

5 Մայիսի դրութեամբ՝ Արցախեան վերջին պատերազմին զոհուած զինծառայողներու դիակներէն եւ մասունքներէն վերցուած շուրջ 300 փորձանմուշ կարելի չէ եղած նոյնականացնել։ Այս մասին տուելաներ հաղորդած է առողջապահութեան նախարարութիւնը:
Ըստ նախարարութեան՝ 5 Մայիսի դրութեամբ դատաբժշկական փորձաքննութեան ենթարկուած է պատերազմի զոհերու 3752 մարմին եւ մասունք, որոնցմէ 70 փորձանմուշ կը գտնուի փորձաքննութեան ընթացքի մէջ։ Մինչեւ 4 Մայիսը կատարուած է զոհերու դիակի եւ մասունքի 2875 փորձանմուշներու դատաբժշկական փորձաքննութիւն, որոնցմէ 2580 փորձանմուշ նոյնականացուած է։
Նշենք, որ բազմաթիւ են դէպքերը, երբ զոհուած զինծառայողներու ծնողները կասկածի տակ դրած են DNA նոյնականացման արդիւնքներու արժանահաւատութիւնը եւ պահանջած են կրկնակի հետազօտութիւն իրականացնել։ Ոմանք ալ, չվստահելով հետազօտութեան արդիւնքներուն, պահանջած են կենսաբանական նմուշները ուղարկել արտերկիր։
News.am-ի տեղեկութիւններով՝ այս ընթացքին զոհերու շուրջ 100 մասունք արտասահման ուղարկուած է, քանի որ անոնք չափազանց վնասուած եղած են եւ Հայաստանի մէջ առկայ սարքաւորումներով հնարաւոր չէ եղած իրականացնել անոնց նոյնականացումը։
Յիշեցնենք, որ նախորդ տարուան Դեկտեմբերին՝ առողջապահութեան նախարարութիւնը մօտ 300 միլիոն դրամով ԱՄՆ–էն դատաբժշկական նոյնականացման հետազօտութիւններու նոր հոսքագիծ ձեռք բերած էր՝ զոհուած զինծառայողներու ոսկորերու եւ անոնց ծնողներէն վերցուած նմուշներու միջեւ DNA նոյնականացման հետազօտութիւններն իրականացնելու նպատակով։