Պատերազմը կը շարունակուի իր բոլոր ծանրութիւններով. պայքարը դժուար է ու պէտք է դնել առաւելագոյնը. Արծրուն Յովհաննիսեան

«Թշնամական ուժերը շուրջ 10 միաւոր ռազմական մեքենայի միջոցով առաջանալու փորձ ձեռնարկած են Աւետարանոց-Սղնախ հատուածին, սակայն, խոցուելով բանակային ուժերու կողմէ եւ կրելով մեծաթիւ կորուստներ, ետ շպրտուած են»: Սա շատ կարեւոր լուր է, բայց ամէն ինչ հիանալի չէ։ Այս մասին գրած է ՀՀ ՊՆ ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեանը։
«Պատերազմը կը շարունակուի իր բոլոր ծանրութիւններով։
Երէկուայ ամփոփումէն ետք նորէն նկատեցի չարդարացուած ծայրայեղ զգացումներ։ Ամէն ինչ աղէտալի չէ եւ առաւել եւս հիանալի չէ։ Պատերազմ է եւ մեր ողջ ներուժը պէտք է կեդրոնացնել, պայքարը դժուար է ու պէտք է դնել առաւելագոյնը»,- գրած է ան։