Պատիւ Արժանաւորին. Ընկ. Վարդան Ուզունեան՝ «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամի Պատուաւոր ցմահ նախագահ

2023-01-23
Image

Վերջերս Կիպրոսի մէջ կայացած «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհրդի 20-րդ տարեկան ընդհանուր ժողովին որոշուած է Սփիւռքի եւ Հայրենիքի մէջ հանրածանօթ բարերար, Սուրբ Ներսէս Շնորհալի շքանշանի եւ Կոմիտաս մետալի արժանացած, «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամի հիմնադիր անդամ եւ հոգաբարձուներու խորհուրդի երկարամեայ նախագահ, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուոյ անդամ՝ ընկ. Վարդան Ուզունեանին շնորհել «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամի Պատուաւոր ցմահ նախագահի տիտղոսը՝ ի արժեւորումն իր բազմամեայ ազգանուէր գործունեութեան ու մեծ վաստակին:

Նոյն Ժողովի մէկ այլ որոշմամբ՝ «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամի գործող նախագահ ընտրուած է սփիւռքի ճանչցուած գործարար, բարերար, ընտանեկան աւանդոյթներու շարունակող եւ գործի նուիրեալ Շահէ Ուզունեանը:

Կեդրոնի հաղորդմամբ` «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամը պատրաստ է այսուհետ շարունակելու կառուցողական համագործակցութիւնը հայաստանեան եւ սփիւռքի կառոյցներու եւ աւանդական գործընկերներու հետ՝ ի շահ հայ ազգի եւ մեր հայրենիքի: 

Այս առթիւ, ջերմօրէն կը շնորհաւորենք ՌԱԿ-ի երկար տարիներու նուիրեալ առաջնորդներէն եւ ԹՄՄ-ի շրջագծէն ներս մեծ ներդրում ունեցող Ընկ. Վարդան Ուզունեանը եւ երկար ու առողջ տարիներ կը մաղթանք:

Կը շնորհաւորենք նաեւ «Թէքէեան Կեդրոն» հիմնադրամի գործող նախագահ ընտրուած  Պրն. Շահէ Ուզունեանը, մաղթելով, որ նոյն թափով ու կորովով շարունակէ իր հօր առաքելութիւնը: