Պատճառը «Նեմեսիս»-ի յուշարձանի բացումն է. Չաւուշօղլու մեկնաբանած է թէ ինչու փակած են օդային տարածքը Հայաստանէն թռիչքներու համար

2023-05-03
Image

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն յայտնած է, թէ ինչու Թուրքիան փակած իր օդային տարածքը Հայաստանէն եղող թռիչքներու համար։

Ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրէս»-ը,  Չաւուշօղլուն Թուրքիոյ այդ քայլը բացատրած է Երեւանի մէջ «Նեմեսիս» յուշաղբիւր- կոթողի բացմամբ։

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը սադրանք որակած է այդ քայլը եւ նշած, որ ատոր ի պատասխան փակած են օդային տարածքը Հայաստանէն թռիչքներու համար։

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ուղիղ թռիչքներու արգելք չկայ։ Այնուամենայնիւ, Չաւուշօղլուն ըսած է, որ պիտի չթոյլատրուին նաեւ VIP թռիչքները եւ աւելցուցած, որ բացառութիւն ըրած են ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի համար, որու գլխաւորած պատուիրակութիւնը Թուրքիա այցելած է՝ մասնակցելու Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան խորհրդարանական վեհաժողովի հիմնադրման 30-ամեակին նուիրուած անդամ պետութիւններու խորհրդարաններու ղեկավարներու գագաթնաժողովին եւ Գլխաւոր վեհաժողովի լիագումար նիստի աշխատանքներուն։

Չաւուշօղլուն սպառնացած է, որ  «նման գործողութիւններու շարունակման պարագային նոր քայլեր պիտի ձեռնարկուին»։