Պատուաստուած քաղաքացիները կարիք չեն ունենար ճամբորդելու ժամանակ PCR քննութիւն յանձնելու. Նախարար

2021-04-29
Image

Յաջորդ շաբաթ փոփոխութիւն պիտի ըլլայ սահմանափակումներու որոշման մէջ. «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստուած քաղաքացիները այլեւս կարիք չեն ունենար PCR քննութիւն յանձնելու երկրէն դուրս ելլելու կամ երկիր մտնելու համար: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Անահիտ Աւանեսեանը:

«Պատուաստումները կարեւոր քայլ են ձերբազատուելու սահմանափակումներից եւ վերադառնալու բնականոն կեանքին», -ըսած է Աւանեսեանը:

Յիշեցնենք, որ այս պահի դրութեամբ, 18-էն բարձր բոլոր քաղաքացիները կրնան պատուաստուիլ «Քորոնա» ժահրի դէմ՝ դիմելով տեղամասային առողջապահական կեդրոն (փոլիքլինիքա):

Անոնց համար հասանելի են AstraZeneca եւ Sputnik V պատուաստանիւթերը, բայց մօտ ապագային կը սպասուի նաեւ չինական պատուաստանիւթի մեծ խմբաքանակ, ինչպէս նաեւ բանակցութիւններ կը վարուին այլ պատուաստանիւթեր ձեռք բերելու մասին: