Պատրաստ ենք նման խօսակցութեան. Վարչապետը՝ Էրտողանի յայտարարութիւններու մասին

Կառավարութեան նիստի սկիզբը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն անդրադարձաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը` վարչապետը նշած է, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու հարցին հրապարակային անդրադարձ կատարած է Թուրքիոյ նախագահը։
«Այդ յայտարարութիւններում մենք տեսնում ենք Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները կարգաւորելու, հայ-թուրքական երկաթուղին եւ ճանապարհները վերագործարկելու մասին խօսելու հնարաւորութիւն։ Եւ մենք պատրաստ ենք նման խօսակցութեան։ Մեծ հաշուով խօսքը մեր տարածաշրջանը արեւմուտքը արեւելքին, հիւսիսը հարաւին կապող խաչմերուկ դարձնելու մասին է»,-ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը։
Կառավարութեան ղեկավարը ընդգծած է, որ այս գործընթացին աշխոյժ աջակցելու հրապարակային պատրաստակամութիւն ցուցաբերած է Ռուսաստանի Դաշնութիւնը։ «Եւրամիութիւնը, Ֆրանսան ու Միացեալ Նահանգները նոյնպէս հետաքրքրուած են այս գործընթացով։ Իսկ Չինաստանի ու Հնդկաստանի շահագրգռուածութիւնը կոմունիկացիոն (հաղորդակցային) նախագծերի զարգացման ուղղութեամբ յայտնի է»,- ըսած է ան։
Ըստ Փաշինեանի՝ տարածաշրջանի խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը Հայաստանի կառավարութեան երկարատեւ ռազմավարութիւնն է։ «Եւ մենք մեզ պատասխանատու ենք համարում այդ խնդրի լուծման համար։ Խաղաղութիւնը, կայունութիւնը, համագործակցութիւնը հեշտ յայտարարելի եւ ցանկալի նպատակներ են, բայց դրանց իրագործման համար խելամիտ, մտածուած, պրագմատիկ (գործնական) ջանքեր են պահանջուում։ Եւ ՀՀ-ն պատրաստ է նման ջանքեր գործադրելուն»,-ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը: