Պաքուէն հայրենիք կը վերադառնայ երկու գերի

Պաքուէն հայրենիք կը վերադառնայ երկու գերի։ Պորիս Աւագեանը «Փաստինֆո»-ին տեղեկացուցած է, որ հայ գերիները վերադարձնելու համար Պաքու մեկնած է զօրավար Մուրատովը։ Անոնք արդէն օդանաւին մէջ են։ Նախատեսուած է, որ օդանաւը կը ժամանէ մօտ մէկ ժամէն։
Յիշեցնենք, որ Մուրատովը երէկ հանդիպած էր ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի հետ, որու ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններէն ետք Մուրատովը մեկնած է Պաքու։
Վերադարձող հայրենակիցներու անունները պարզ կ'ըլլան աւելի ուշ։