Պաքուի մէջ ռուս խաղաղապահներուն դէմ հայ գերիներէն ցուցմունքներ ստանալու փորձեր կը կատարուին

Ատրպէյճանի մէջ հայ գերիներէն ռուս խաղաղապահներու դէմ ցուցմունքներ կը կորզեն: Համապատասխան «ցուցմունքները» հրապարակուած են գերեվարուած հայերու դէմ շինծու գործով դատական նիստին:
Ատոր հետ մէկտեղ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կ'անտեսեն իրենց անմիջական պարտաւորութիւնները եւ կը պահեն ռազմագերիները ու քաղաքացիական անձանց: Յիշեցնենք, որ այդ կը կատարուի հայկական կողմի վրայ ճնշման լրացուցիչ լծակներ ունենալու, մէ՛կ ականապատ դաշտերու քարտէզները պահանջելու, մէ՛կ զօրքերու դուրսբերումը կամ այլ բան պահանջելու համար: Այժմ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները որոշած են գերեվարուած հայերը օգտագործել հակառուսական քարոզչութեան համար:
«29 Յունիսին Պաքուի ծանր յանցագործութիւններու դատարանին մէջ շարունակուած է նախորդ տարուան դեկտեմբերին գերեվարուած 14 հայ զինուորականներու գործի լսումը:
...
Մասնաւորապէս, ամբաստանեալ Գէորգ Ասերտեանն ըսած է, որ 2020 թուականի 27 Նոյեմբերին Գիւմրիի զօրամասէն իրենց խումբերը հանրակառքերով բերուած են Լաչին: Այնտեղ փոխգնդապետ Արսէն Գազարեանը խօսած է ռուս խաղաղապահներու հետ, եւ թոյլատրած են, որ հանրակառքը առանց ստուգման անցնի, ըսած է ամբաստանեալը:
...
Խումբի մէկ այլ անդամ՝ Վոլոտիա Յակոբեանը, նոյնպէս ըսած է, որ ինքը Գիւմրիէն ժամանած է Լաչին, ուր անոնց ներս թողած են ռուս խաղաղապահները: Ան կրկնած է իր նախորդի վկայութիւնը, որ ինքը մի քանի օր դիրքերուն եղած է, ապա իջնելու հրաման ստացած է եւ գերի ինկած: «Մենք 60 հոգի էինք, եւ մենք յանձնուեցանք՝ զէնքերը վար դնելով»,- ըսած է ան:
...
Մէկ այլ ամբաստանեալ՝ Մկրտիչ Մինասեանը, ըսած է, որ ռուս խաղաղապահները իրենց թոաղած են Լաչին, իսկ հայ սպան հրամայած է դիրքեր գրաւել լեռներուն մէջ: Նման ցուցմունքներ տուած են եւս մէկ ամբաստանեալ՝ Եուրի Կարապետեանը, եւ միւսները»,- յայտնած է Turan-ը: