Պաքուն Երեւանին յանձնած է եւս 95 հայ զինծառայողի դի. ՀՀ ՊՆ

Ատրպէյճանը Հայաստանին յանձնած է եւս 95 հայ զինծառայողի դի։ Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի խօսնակ Արամ Թորոսեան։
«95–ը Անվտանգութեան խորհուրդի յայտարարած` զոհուածների եւ անհետ կորածների թուի շրջանակում է»,– աւելացուցած է ան:
17 Սեպտեմբերին Ատրպէյճան Հայաստանին յանձնած էր 32 հայ զինծառայողի դի։ Փոխանցուած մարմիններու ընդհանուր թիւը դարձաւ 127։
ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդն աւելի վաղ յայտնած էր, որ Ատրպէյճանի յարձակման հետեւանքով զոհուածներու եւ անհետ կորսուածներու թիւը կը հասնի 207-ի։