Պաքուն կը դատէ Լիբանանահայ Վիգէն Իւլճէքեանը
Գերեվարուած լիբանանահայ Վիգէն Իւլճէքեանը կը դատեն Պաքուի մէջ:
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ՝ առաջին նիստը տեղի պիտի ունենայ այսօր Պաքուի ռազմական դատարանին մէջ՝ դատաւոր Էլպէյ Ալլահվերտիեւի նախագահութեամբ: «Դատախազը պիտի կարդայ մեղադրական եզրակացութիւնը, իսկ ամբաստանեալը ցուցմունք պիտի տայ»,- յայտնած են լրատուամիջոցները:
Լիբանանի քաղաքացի Վիգէն Իւլճէքեանը (1979-ի ծնունդ) կը մեղադրուի որպէս վարձկան ռազմական գործողութիւններուն մասնակցելու մէջ: Մեղադրանքին հիմք հանդիսացած է անոր քաղաքացիութիւնը:
Մինչդեռ Պաքուն լաւ գիտէ, որ հայկական սփիւռքի բազմաթիւ որդիներ ինչպէս Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած երկրորդ, այնպէս ալ առաջին պատերազմի ընթացքին օգնութեան շատպած են իրենց պատմական հայրենիքին: Անոնց որպէս «վարձկաններ» ներկայացնելը առնուազն յիմարութիւն է:
Բացի Վիգէնէն, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները դատական ֆարս սկսած են եւս մի քանի տասնեակ գերեվարուած հայերու դէմ՝ ծիծաղելի մեղադրանքներ ներկայացնելով: