Պաքու կը շարունակէ իր հայատեաց վարքը. 14 Հայ ռազմագերիներ կրնան 14-20 տարի բանտարկութեան դատապարտուիլ
Պաքուի դատարանին մէջ 14 հայ ռազմագերիներու դէմ քրէական գործով դատական նիստին ընթերցուած է մեղադրական եզրակացութիւնը, յայտնած է minval.az-ը։
Գեղամ Սամուէլի Սերոբեանը, Հրաչ Արզումանի Աւագեանը, Արմէն Եղիազարի Բաղասեանը, Գոռ Վահրամի Գասպարեանը, Կամօ Կարէնի Սեֆիլեանը, Վոլոտիա Վաչականի Յակոբեանը, Գէորգ Նորայրի Ասերտեանը, Սիսակ Գրիշայի Ենգոյեանը, Ալպերթ Կոմիի Պետրոսեանը, Ռոմիկ Միսակի Սեդրակեանը, Արամ Գառնիկի Մինոսեանը, Մկրտիչ Սիմոնի Մինոսեանը, Էտկար Վաչականի Մաթեսեանը, Եուրի Տիգրանի Կարապետեանը կը մեղադրուին «ահաբեկչութեան» եւ «ներթափանցման» համար:
Ըստ մեղադրական եզրակացութեան՝ «մեղադրուողները ապօրինի կերպով զէնք ու զինամթերք ձեռք բերած են եւ ստեղծած օրէնքով չնախատեսուած զինուած կազմաւորումներ։ Այդ անձինք Նոյեմբեր 26-27-ը խախտած են Ատրպէյճանի պետական սահմանը եւ տեղաւորուած Մարտունիի շրջանի Հադրութ գիւղի հիւսիսարեւմտեան մասին մէջ գտնուող անտառային գօտիին մէջ։ Մեղադրեալները մինչեւ 2020թ. Դեկտեմբերի 13-ը կատարած են այդ տարածքներուն մէջ ահաբեկչական սադրանքներ, անձանց վրայ յարձակումներ, իրականացուցած են պայումներ, հրդեհներ եւ այլ ահաբեկչական գործողութիւններ՝ հասարակական անվտանգութեան խախտման նպատակով՝ բնակչութեան շրջանին խուճապ ստեղծելով:
Անոնց մեղադրանք առաջադրուած է 214 (ահաբեկչութիւն), 228 (զէնքի եւ պայթուցիկ նիւթերու ապօրինի ձեռքբերում, պահում), 279 (անօրինական զինուած խմբաւորումներու ստեղծում), 318 (պետական սահմանի ապօրինի հատում) յօդուածներով:
Դատաւոր Աֆղան Հաճիեւը յայտարարած է, որ եթէ մեղադրանքը հաստատուի դատավարութեան ընթացքին, ամբաստանեալները կրնան դատապարտուիլ 14-էն 20 տարի ժամկէտով կամ ցմահ ազատազրկման: