ՊԲ զօրքերը պաշտպանողական մարտեր վարած են երեք ուղղութիւններով

Նոյեմբեր 2-ին եւ լոյս 3-ի գիշերուան ընթացքին ՊԲ զօրքերը պաշտպանողական մարտեր վարած են արեւելեան, հարաւ-արեւելեան եւ հարաւային ուղղութիւններով: Իւրային ստորաբաժանումները դիպուկ կրակով նշուած հատուածներուն մէջ խոցած են յայտնաբերուած ռազմական մեքենաները, կենդանի ուժը, ինչպէս նաեւ 1 հրասայլ:
Արեւելեան ուղղութեամբ ճակատային գիծի փոքր հատուածին վրայ, մարտավարական նկատառումներէ ելլելով, ՊԲ ուժերը ետ քաշուած են՝ զբաղցնելով հետագայ մարտական գործողութիւններու համար առաւել նպաստաւոր բնագիծեր:
Առաւօտեան հարաւային ուղղութեամբ յառաջխաղացման փորձ ձեռնարկող թշնամական սարքերուն եւ կենդանի ուժին ՊԲ-ն հասցուցած է դիպուկ կրակային խոցում՝ պատճառելով կորուստներ եւ ստիպելով ետ շպրտուիլ ելման դիրքեր: Բանակային ստորաբաժանումները լռեցուցած են նաեւ հիւսիսային ուղղութեամբ թշնամական ուժերու նախայարձակ աշխոյժութիւնը: Այս պահուն մարտավարական առաւելութիւնը իրենց կողմը թեքելու թշնամական ուժերու փորձերը կը շարունակուին: ՊԲ-ն կը վերահսկէ մարտավարական իրադրութիւնը: