ՊԲ նորանշանակ հրամանատար Միքայէլ Արզումանեանը տարիներ ի վեր եղած է թշնամիի ահ ու սարսափը. Վահրամ Պօղոսեան

2020-10-27
Image

ՊԲ նորանշանակ հրամանատար, զօրավար-լեյտենանտ Միքայէլ Արզումանեանը տարիներ ի վեր եղած է թշնամիի ահ ու սարսափը: Ան արդէն հրամանատարական կէտի մէջ է եւ լիարժէք կը կատարում է իր պարտականութիւնները:

Այս մասին իր ֆեյսպուքեան էջին յայտնած է ԱՀ նախագահի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեանը։

Նշենք, որ Արցախի Հանրապետութեան նորանշանակ պաշտպանութեան նախարար, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Միքայէլ Արզումանեանը շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին բարձր վստահութեան համար:

Արզումանեան խոստացած է ընել հնարաւորը ժողովուրդին ակնկալիքները լաւագոյնս արդարացնելու համար:

«Կը ծառայեմ հայրենիքիս»,- ըսած է Արցախի նորանշանակ Պաշտպանութեան նախարարը: