ՊԲ-ն խստօրէն կը հետեւի հրադադարի պայմանաւորուածութիւններուն. թշնամիի մեղադրանքները իրականութեան հետ կապ չունին. ՊԲ

ԱՄՆ-ի մէջ մարդասիրական հրադադարի մասին պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերելէ ետք, որ ուժի մէջ պէտք է մտնէր 26 հոկտեմբերի ն՝ ժամը 08:00-ին, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը դեռ 08:00-ն չլրացած, շտապեց հայկական կողմը մեղադրել հրադադարը կոպտօրէն խախտելու մէջ, բայց որոշ ժամանակ անց հեռացուց այդ տեղեկատւութիւնը:
Հաշուած վայրկեաններ անց Ատրպէյճանի ՊՆ-ն տարածեց հերթական ապատեղեկատւութիւնը՝ նշելով, թէ հայկական ուժերը հարաւային ուղղութեամբ հրետակոծութեան կ'ենթարկեն ատրպէյճանական դիրքերը:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտարարէ, որ ՊԲ-ի ստորաբաժանումները խստօրէն կը հետեւին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն, իսկ թշնամական կողմի մեղադրանքները ոչ միայն իրականութեան հետ որեւէ առնչութիւն չունին, այլեւ եղած են վերջինիս հետագայ սադրանքներուն համար տեղեկատուական հող նախապատրաստելու ծիրէն ներս: