Պելճիքայի ներկայացուցիչներու պալատը դատապարտած է Արցախի դէմ Ատրպէյճանի յարձակումը

Պելճիքայի ներկայացուցիչներու պալատը 130 կողմ եւ 12 ձեռնպահ ձայներով ընդունեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան եւ ատոր հետեւանքներու վերաբերեալ բանաձեւ: «Արմէնբրես»-ին այս մասին յայտնած են Պելճիքայի հայերու կոմիտէէն:
Նշուած է, որ բանաձեւը «կը դատապարտէ Ատրպէյճանի կողմէ 2020 թ. 27 Սեպտեմբերին ռազմական գործողութիւններու վերսկսումը», եւ կառավարութեան կոչ կ'ընէ ձեռնարկելու շարք մը միջոցառումներ, որոնք ուղղուած են պատերազմէն տուժած բնակչութեան հոգերը թեթեւցնելուն, պատերազմական յանցագործութիւններու պատասխանատուները բացայայտելուն եւ դատապարտելուն, ինչպէս նաեւ հրադադարի ռեժիմը պահպանելուն եւ բանակցութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի սահմանները եւ անոր ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը յարգող խաղաղ համաձայնագրի շուրջ տանելուն:
Ի թիւս այլ դրոյթներու, Խորհրդարանը, մասնաւորապէս, կը դատապարտէ այն վնասակար դերը, որ խաղցած է Թուրքիան այս պատերազմին եւ կը պահանջէ անորմէ «դադրեցնել ռազմական միջամտութիւնը այս հակամարտութեան» եւ զերծ մնալ «տարածաշրջանին մէջ ապակայունացնող դերակատարումէ»:
Պելճիքայի հայերու կոմիտէն կոչ կ'ընէ կառավարութեան առանց յապաղելու գործելու խորհրդարանի առաջարկութիւններու համաձայն: Ան մասնաւորապէս ընդգծած է մարդասիրական օգնութեան հրատապութիւնը եւ պելճիքական ներկայութիւնը տարածաշրջանին մէջ: