Պետական պիւտճէէն՝ 78 մլն դրամ պիտի յատկացուի «Իմ քայլին», 5 մլն դրամ՝ ՀՀԿ-ին, 9 մլն դրամ՝ ԲՀԿ-ին

Պետական պիւտճէէն կուսակցութիւններուն դրամական աջակցութիւն պիտի ցուցաբերուի:
Հարկատուներու հաշուոյն իրենց կուսակցական գործունէութիւնը պիտի շարունակեն այն քաղաքական ուժերը, որոնք Ազգային ժողովի 2018 թուականի ընտրութիւններուն 3 եւ աւելի տոկոս ձայն ստացած են:
Այսպէս՝ իշխող «Իմ քայլը» դաշինքը պետութենէն պիտի ստանայ 78 մլն դրամ, ՀՀԿ-ն՝ 5,2 մլն դրամ, ԲՀԿ-ն՝ 9,1 մլն դրամ, ԼՀԿ-ն՝ 7 մլն դրամ, ՀՅԴ-ն 4,3 մլն դրամ: Ընդհանուր գումարը կը կազմէ 103,7 մլն դրամ:
Քաղաքական ուժերուն պետական միջոցներէն դրամական աջակցութիւն տալն ամրագրուած է «Կուսակցութիւններու մասին» սահմանադրական օրէնքով: