Ջալալ Յարութիւնեանը առաջիկայ 2-3 օրուան ընթացքին դուրս պիտի գայ հիւանդանոցէն. ՊՆ

2020-11-30
Image

Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար, Արցախի հերոս Ջալալ Յարութիւնեանի առողջական վիճակը նորմալ է, ան 2-3 օրուայ ընթացքին դուրս պիտի գայ հիւանդանոցէն: «Արմէնբրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է ՀՀ ՊՆ տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Գէորգ Ալթունեանը:

«Ջալալ Յարութիւնեանը 2-3 օրուայ ընթացքում դուրս կը գրուի հիւանդանոցից եւ ամպուլաթոր բուժումը (փլանային այցեր-խմբ.) կը շարունակի»,- ըսած է Ալթունեանը:

Ջալալ Յարութիւնեանը վիրաւորուած է մարտական դիրքի վրայ գտնուած ժամանակ։ Ան 27 հոկտեմբերին ազատուած էր Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնէն։ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը Հայրենիքի պաշտպանութեան ու անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ Արցախի Հանրապետութեան մատուցած բացառիկ ծառայութիւններու, ցուցաբերած քաջութեան ու անձնական արիութեան համար զօրավար-լեյտենանտ Ջալալ Յարութիւնեանին շնորհած է «Արցախի հերոս» բարձրագոյն կոչում: