Ջալալ Յարութիւնեանը նշանակուած է ՀՀ ՊՆ ռազմական վերահսկողական ծառայութեան պետ

Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար, զօրավար-լեյտենանտ Ջալալ Յարութիւնեանը նշանակուած է ՀՀ ՊՆ ռազմական վերահսկողական ծառայութեան պետ:
«Արմէնբրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է ՀՀ ՊՆ տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Գէորգ Ալթունեանը:
«Ջալալ Յարութիւնեանը նշանակուել է Պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմական վերահսկողութեան ծառայութեան պետ: Այդ պաշտօնը նախկինում զբաղեցնում էր Մովսէս Յակոբեանը»,- նշած է Ալթունեանը:
ՀՀ ՊՆ ռազմական վերահսկողութեան ծառայութեան պետի պաշտօնը կը զբաղցնէր Մովսէս Յակոբեանը, որ 2020 թուականի 18 նոյեմբերին ազատման դիմում ներկայացուցած էր:
Ջալալ Յարութիւնեանը ԱՀ ՊԲ հրամանատարի պաշտօնէն ազատուած էր 2020 թուականի 27 հոկտեմբերին՝ պայմանաւորուած մարտական դիրքի վրայ ստացած վիրաւորումով: