Ռ.Ա.Կ.ի Շնորհաւորագիրը՝ ՀՀ նորընտիր նախագահ Վահագն Խաչատուրեանին

2022-03-04
Image

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը շնորհաւորագիր յղած է  Հայաստանի Հանրապետութեան  նորընտիր նախագահ՝ Վահագն Խաչատուրեանին։

Ստորեւ կը ներկայացնենք շնորհաւորագիրը։

 

Վսեմաշուք Տիար Վահագն Խաչատուրեան
Նորընտիր Նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան
Երեւան – Հայաստան

Վսեմաշուք Պարոն Նախագահ,

Ուրախութեամբ կ’ողջունենք Հայաստանի Ազգային Ժողովի կողմէ Ձեր ընտրութիւնը  Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի բարձր եւ պատասխանատու պաշտօնին:

Դուք ՀՀ նախագահի պաշտօնը կը ստանձնէք մեր հայրենիքի եւ պետութեան համար բարդ պայմաններու մէջ եւ տարածաշրջանային ու համաշխարհային նոր զարգացումներու ժամանակաշրջանին:

Այնուամենայնիւ, ծանօթ ըլլալով գիտական, դիւանագիտական ու քաղաքական մարզերու մէջ Ձեր ունեցած փորձառութեան, կառավարման հարուստ փորձին, անհատական եւ ակադեմական բարձր արժանիքներուն, նաեւ ականջալուր ըլլալով Ազգային Ժողովէն ներս Հայաստանի Հանրապետութեան ապագայի վերաբերեալ ձեր հնչեցուցած պատկերացումներուն, Ձեր ընտրութիւնը կը նկատենք յուսադրիչ հանգրուան մը մեր պետութեան նորագոյն պատմութեան մէջ:

Լիայոյս ենք, որ Ձեր նախագահութեան օրով, հնարաւոր դարձնելով իշխանութեան երեք թեւերու ներդաշնակ եւ անխափան համագործակցութիւնը, մեր Հայրենիքը կը թեւակոխէ նուաճումներու եւ վերելքի նոր հանգրուան մը:

Այս յոյսերով եւ սպասումներով ալ, որպէս Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն, հաւատարիմ մնալով մեր պատմական առաքելութեան եւ սկզբունքներուն, կը հաւաստիացնենք Ձեզ, որ, ինչպէս միշտ, մեր անվերապահ աջակցութիւնը պիտի տրամադրենք ի սպաս մեր երկրի զարգացման եւ համազգային նպատակներու իրագործման:

Այս առիթով, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան եւ աշխարհասփիւռ անդամութեան անունով սրտանց կը շնորհաւորենք Ձեզ, մաղթելով քաջառողջութիւն, յաջողութիւն եւ անսպառ եռանդ Ձեր հայրենանուէր առաքելութեան մէջ:

 

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Ռաֆֆի Պալեան | Ատենադպիր
Մայք Խարապեան | Ատենապետ