ՌԱԿ-ի Շնորհաւորագիրը՝ ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութթիւնը շնորհաւորագիր յղած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանին։
Ստորեւ կը ներկայացնենք ՌԱԿ-ի շնորհաւորագիրը.-
ՀՀ Վարչապետ
Տիար Նիկոլ Փաշինեանին
Մեծարգոյ Պրն. Փաշինեան,
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան եւ համայն անդամութեան անունով ջերմապէս կը շնորհաւորեք Ձեզ, ՀՀ վարչապետի պաշտօնին վերանշանակման առթիւ:
Այսօր, երբ ազգովին կը գտնուինք Հայաստանի եւ մեր պետականութեան համար ծանր եւ ճակատագրորոշ հանգրուանի մը առջեւ, հայ ժողովուրդը, արդար ընտրութիւններու միջոցաւ, անգամ մը եւս երկրի առջեւ ծառացած անվտանգային, ռազմավարական նշանակութեան հարցերու լուծման ծանրակշիռ դերը վերապահեց Ձեզի եւ Ձեր ղեկավարած կառավարութեան, յայտնելով իր անվերապահ վստահութիւնը:
Այս բախտորոշ շրջանին կարեւոր է յատկապէս իրականացուելիք գործընթացներուն վերաբերեալ համահայկական ոգիի դրսեւորումը, որուն համար ալ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, ինչպէս միշտ, այսօր եւս կու գայ յայտնելու իր նեցուկը հայրենի իշխանութիւններուն:
Համոզուած ըլլալով, որ ջանք պիտի չխնայէք ժողովրդավար, ինքնիշխան եւ արժանապատիւ հայրենիք կառուցելու գործին, թոյլ տուէք անգամ մը եւս շնորհաւորել Ձեզ եւ մաղթել արգասաբեր գործունէութիւն եւ յաջողութիւն:
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Ռաֆֆի Պալեան | Ատենադպիր
Մայք Խարապեան | Ատենապետ
Օգոստոս 03, 2021