ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութեան հանդիպումը ՀՀ Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանին հետ

2022-07-04
Image

Հինգշաբթի՝ 23 Յունիս 2022-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանն ընդունեց ՌԱԿ 100-ամեակի առթիւ Երեւան գտնուող Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պատուիրակութիւնը։

5


Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ներքաղաքական եւ արտաքին քաղաքականութեան օրակարգերուն առնչուող օրակարգային հարցեր։ Նախագահը վերահաստատեց, որ միշտ պատրաստակամ է երկրի կեանքին առնչուող բոլոր խնդիրներու շուրջ քաղաքակիրթ խօսակցութեան եւ նախագահականի դռները միշտ բաց են։

5


ՌԱԿ ատենապետ Ընկ. Մայք խարապեանի գլխաւորած պատուիրակութեան ներկայացուցիչները նշեցին, որ մշտապէս վեր կը դասեն պետական շահը եւ պատրաստ են աջակցելու երկրին մէջ վստահութեան մթնոլորտի բարելաւմանն ուղղուած որեւէ նախաձեռնութեան։

Պատուիրակութիւնը նախագահ Վահագն Խաչատուրեանին նուիրեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հիմնադրման 100-ամեակի առթիւ թողարկուած յուշադրամ։

5


Երկուստեք պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ շարունակելու արդիւնաւէտ քննարկումները։