ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը այցելեց ՀՀ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Պրն. Զարեհ Սինանեանին
Այսօր՝ 29 Յուլիս, 2019-ին, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը այցելեց ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Պրն. Զարեհ Սինանեանին:
Շնորհաւորելով պատասխանատու պաշտօնին նշանակուելու կապակցութեամբ, ՌԱԿ պատուիրակութիւնը յաջողութիւն մաղթեց Զարեհ Սինանեանին, հաւատաք յայտնելով, որ ան նոր եռանդ պիտի բերէ հաղորդէ համահայկական գաղափարներու կեանքի կոչման եւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկուստեք յուզող հարցեր, անդրադարձ կատարուեցաւ համագործակցութեան ուղղութիւններուն: ՌԱԿ պատուիրակութիւնը սփիւռքի յանձնակատարին յայտնեց, որ ինչպէս միշտ, այսօր եւս ՌԱԿը, իր սփիւռքեան բոլոր շրջանակներու ներգրաւուածութեամբ, պատրաստակամ է աջակցելու հայրենիքի առաջընթացին եւ կարելի եղած բոլոր միջոցներով սատար կանգնելու կառավարութեան ազգօգուտ ծրագիրներուն:
Կեդրոնական Վարչութեան փոխատենապետ ընկ. Լեւոն Պըլըխեանի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ալեքսան Գարատանայեանը, Կեդրոնական Վարչութեան քաղաքական հարցերով խորհրդատու Վիգէն Խաչատրեանը եւ Աւստրալիայէն Կեդրոնական Վարչութեան գործակից անդամ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Աւստրալիոյ ներկայացուցիչ Հայկ Լեփեճեանը: