ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը այցելեց ՀՀ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Պրն. Զարեհ Սինանեանին

2022-07-04
Image

Երեքշաբթի՝ 21 Յունիս, 2022-ին, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը, վարչութեան ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանի գլխաւորութեամբ այցելեց ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Պրն. Զարեհ Սինանեանին:

5

Ընկ. Խարապեանի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կազմեցին Կեդրոնական վարչութեան անդամներ՝  Ընկ. Յակոբ Անդրէասեան (Երուսաղէմ), Ընկ. Լեւոն Պըլըխեան (Երեւան), Ընկ. Նորայր Մկրտիչեան (Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզի), Ընկ. Վազգէն Էսքիճեան (Ֆրանսա), Ընկ. Փանիկ Քէշիշեան (Լոս Անճելըս), Ընկ. Հայկ Լեփեճեան (Աւստրալիա), ինչպէս նաեւ ԱԺ պատգամաւոր Պրն. Վիգէն Խաչատրեան:

Հանդիպման, Գլխաւոր յանձնակատարը ողջունելով հիւրերը՝ շնորհաւորեց ՌԱԿ հիմնադրման 100-ամեակի առթիւ:

7

Պրն. Սինանեան ընդգծեց, որ մեծ է ՌԱԿ-ի ներդրումը սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ հայապահպանութեան, հայկական շահերու պաշտպանութեան, համայնքներու զօրացման, Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման ուղղութիւններով, եւ անուրանալի է նաեւ կուսակցութեան գաղափարախօսութեան իրական նուիրեալներու առաքելութիւնը, որն է՝ ըլլալ հայրենիքի կողքին որեւէ պարագայի, նպաստել պետականութեան կայացման, պետութիւնը վեր դասել անձերէ եւ հանգամանքներէ:

5

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեան, շնորհակալութիւն յայտնելով Պրն. Սինանեանին, ընդգծեց անոր ղեկավարած կառոյցի կարեւորութիւնը, նշելով, որ Սփիւռքը կը մնայ Հայաստանի կարեւորագոյն եւ արժանահաւատ ուժերէն մին:

5

Այնուհետեւ ՌԱԿ ներկայացուցիչները ծանօթացան գրասենեակի գործունէութեան, ծրագիրներուն, նախաձեռնութիւններուն եւ պատրաստակամութիւն յայտենցին   աջակցելու սփիւռքի մէջ այդ ծրագիրերու տարածման գործին։ Երկար զրոյց ծաւալեցաւ նաեւ սփիւռքի մէջ առկայ խնդիրներու շուրջ: