ՌԱԿ Պատուիրակութիւնը տեսակցեցաւ ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ Յակոբ Արշակեանի հետ

2022-07-04
Image

Չորեքշաբթի՝ 29 Յունիս, 2022-ին,  ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ Յակոբ Արշակեանը ընդունեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

5

Ողջունելով Վարչութեան անդամները՝ Յակոբ Արշակեան շնորհաւորեց կուսակցութեան հիմնադրման 100-ամեակի կապակցութեամբ, կարեւորեց ՌԱԿ-ի անցած ճանապարհն ու դերը պետականաշինութեան եւ հայապահպանութեան գործին մէջ: ԱԺ փոխնախագահն անդրադարձաւ ՌԱԿ-ի գործունէութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման վերաբերող հարցերուն:

5

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչները հաւաստիացուցին, որ հայանպաստ նախաձեռնութիւններու իրագործման ճանապարհին պատրաստ են աջակցելու Հայաստանի իշխանութիւններուն: Անոնք յատկապէս կարեւորեցին այն հանգամանքը, որ կուսակցութեան հիմնադրման 100-ամեայ յոբելեանին նուիրուած միջոցառումը կայացաւ ԱԺ շրջափակին մէջ եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին խորհրդարանի ղեկավարութեանն այս հարցով աջակցելու համար:

5