ՌԱԿ Պատուիրակութիւնը տեսակցեցաւ ՀՀ Վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Պրն. Արայիկ Յարութիւնեանի հետ

2022-07-04
Image

Ռ.Ա.Կ.ի հիմնադրութեան 100-ամեակի տօնակատրութիւններու առթիւ օրերս Երեւան գտնուող ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամները պաշտօնական եւ գործնական շարք մը հանդիպումներ ունեցան պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ:

Հինգշաբթի՝ 16 Յունիս 2022-ին, Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեան, Փոխատենապետներ՝ Ընկ. Յակոբ Անդրէասենի եւ Ընկ. Լեւոն Պըլըխեանի հետ միասին գործնական հանդիպում ունեցան ՀՀ Վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Պրն. Արայիկ Յարութիւնեանի հետ: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ ԱԺ պատգամաւոր Պրն. Վիգէն Խաչատրեանը:

Հանդիպման ընթացքին ՌԱԿ ղեկավարները Պրն. Յարութիւնեանին ներկայացուցին 100-ամեակի առթիւ նախատեսուած տօնակտարութիւններու ծրագիրը եւ պաշտօնապէս հրաւերիցին կազմակերպուած ձեռնարկներուն: Նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ ՌԱԿ գործունէութեան, հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ միասնաբար իրականացուելիք գործնական ծրագիրներուն:

Վարչապետի աշխատակազմի ղեկավարը շնորհակալութիւն յայտնեց եւ  յաջողութիւն մաղթեց ՌԱԿ ներկայացուցիչներուն, իրենց տարած աշխատանքներուն եւ բարեյաջող իրականացում՝ 100-ամեակի ձեռնարկներուն։