ՌԱԿ պատուիրակութիւն մը Արցախի մէջ մասնակցեցաւ «Նոր Արցախ» դաշինքի ընտրական հաւաքներուն

2020-03-16
Image

Անսալով Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (ՌԱԿ) Կեդրոնական վարչութեան վերջին նիստի որոշումին, Ուրբաթ՝ 13 Մարտին, ՌԱԿ պատուիրակութիւն մը եռօրեայ այցով ժամանեց Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք՝ Ստեփանակերտ:

Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեան, պատուիրակութեան կ'անդամակցէր ԵՌԱԿ-ի ատենապետ ընկ. Սեդրակ Պալեան եւ ՌԱԿ-ի անդամներ:

Նշենք, որ պատուիրակութեան գլխաւոր նպատակն էր մօտէն հետեւիլ Արցախի նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, որոնք պիտի կայացուին յառաջիկայ 31 Մարտին:

Պատուիրակութեան անդամները, գլխաւորութեամբ ընկ. Ալեքսան Գարատանայեանի, Արցախ հասնելուն պէս ուղեւորուեցան Ստեփանակերտի մուտքին գտնուող «Պապիկ -տատիկ»ի արձանին մօտ, ուրկէ պիտի մեկնարկէր  ինքնաշարժներու երթ դէպի Շուշի:

 

1

 

2

 

2

 

5

Ուղեկցութեամբ նախագահական թեկնածու պրն. Մասիս Մայիլեանի եւ «Նոր Արցախ» դաշինքի անդամներուն, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ Արցախի ներկայացուցիչ ընկ. Բարդուղ Գալստեանի, մեկներկեց շարասիւնի երթը դէպի հերոսական Շուշի, ուր տեղի ունեցաւ ընտրական յատուկ հաւաք:

1

 

5

 

Միջոցառման ընթացքին խօսք առաւ «Նոր Արցախ» դաշինքի նախագահական թեկնածու, Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար Տիար Մասիս Մայիլեան: Ան իր խօսքին մէջ հակիրճ կերպով ներկայացուց այսօր Արցախի դիմագարաւած ընդհանուր հիմնահարցերը, նշելով, որ իր նախագահ ընտրուելու պարագային պիտի փորձէ կարեւոր ճիգեր ի գործ դնել, լուծելու համար Արցախի եւ Արցախի հերոսական բնակչութեան առջեւ ցցուած բոլոր հիմնախնդիրները, որոնց համար կազմած են արդէն նախընտրական իրատեսական ծրագիրներ:

4

Ան նաեւ կարեւորեց ՌԱԿ-ի «Նոր Արցախ» դաշինքին մասնակցութիւնը եւ ողջունելով այնտեղ գտնուող Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան սփիւռքի  ներկայացուցիչները, շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց աջակցութեան համար:

Միջոցառման հարց ու պատասխանի բաժնին մէջ հարցումով հանդէս եկաւ նաեւ ընկ. Սեդրակ Պալեան:

5