Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը Պաշտօնական հանդիսութեամբ ՀՀ ԱԺ բակին մէջ տօնեց իր հիմնադրման 100 -ամեակը
Շաբաթ՝ 25 Յունիս 2022-ին, Երեւանի մէջ, ՀՀ Ազգային ժողովի բակին մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հիմնադրման 100-րդ յոբելենական տարեդարձը, որուն մասնակցեցաւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:
Ներկայ էին նաեւ ՀՀ կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեանը, ԱԺ փոխնախագահ Յակոբ Արշակեանը, պաշտօնատար այլ անձինք, ԱԺ պատգամաւորներ եւ քաղաքական դաշտի ներկայացուցիչներ, կուսակցական ընկերներ-ընկերուհիներ եւ համակիրներ:
Հայաստանի Հանրապետութեան ու Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան քայլերգները հնչելէ ետք, հանդիսաւոր միջոցառումը մեկնարկեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անցած ճանապարհի մասին պատմող ֆիլմով, ուր ներկայացուեցաւ կուսակցութեան հայրենանուէր գործունէութեան տարբեր շրջափուլերը:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՌԱԿ ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պանծալի 100-ամեակին տօնակատարութեան իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար:
Ան իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս նշեց, որ տօնակատարութեան վայրի ընտրութիւնը պատահական չէ: Միշտ ժողովրդավարութեան հաւատացող Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան համար յատուկ նշանակութիւն ունի իր 100-ամեակը նշել ժողովրդավարութեան օրրան համարուող՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի այս պատմական շրջափակին մէջ:
Ան նաեւ շեշտեց, որ ՌԱԿ-ը կը հաւատայ, որ գերագոյն արժէքը հայրենքն ու հայրենի պետականութիւնն են, իսկ Սփիւռքը անոնց հզօր յենարանը: Հետեւաբար Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը եղած է եւ միշտ պատրաստ է դառնալու հայրենի իշխանութիւններու ապահով եւ հզօր յենարանն ու գործակիցը՝ Սփիւռքի մէջ:
Այնուհետեւ ողջոյնի խօսքի եւ պետական պարգեւ յանձնելու համար բեմահարթակ հրաւիրուեցաւ ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, որ պարգեւատրեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանը՝ իրեն յանձնելով ՀՀ նախագահի կողմէ հաստատուած Երախտագիտութեան մետալը:
Շնորհաւորելով ՌԱԿ հիմնադրման 100-ամեակի կապակցութեամբ՝ վարչապետը իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ անգնահատելի է կուսակցութեան ներդրումը հայապահպանութեան եւ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին:
«Կուսակցութիւնն իր մէկդարեայ գործունէութեամբ ծառայել է մեր ժողովրդին եւ հայրենիքին՝ հանդիսանալով հայութեանը ոգեշնչող, կարեւոր ազգային խնդիրների լուծման, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, հայութեան ներգաղթի կազմակերպման եւ այլ համազգային խնդիրների լուծման կազմակերպութիւններից մէկը: Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնն այսօր էլ զգում է ՌԱԿ աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը հայութեան եւ Հայաստանի առջեւ ծառացած կարեւոր խնդիրների լուծման, ազգային ինքնութեան ու լեզուի պահպանման, Մայր հայրենիքի հետ կապի ամրապնդման, Հայաստանի ու Արցախի զարգացման եւ այլ հարցերի լուծման գործում», - ըսաւ Նիկոլ Փաշինեանը:
Ռամկավար Ազատականներուն մաղթելով կուսակցաշինական բեղմնաւոր ու արգասաբեր գործունէութիւն, Վարչապետը համոզմունք յայտնեց, որ Հայաստանը ու հայութիւնը մշտապէս պիտի շարունակեն զգալ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը:
Ելոյթով հանդէս եկաւ նաեւ կուսակցութեան փոխատենադպիր Ընկ. Վազգէն Էսքիճեանը: Ան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ Հարիւրամեայ, արգասալիր ազգային ծառայութիւն ունեցող Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, այսօր աւելի քան երբեւէ կայտառ ու կենսունակ է սփիւռքի բոլոր հայագաղութներէն ներս իր ներգործօն, պատուաբեր աւանդով, շեշտելով, որ խիստ գօտեպնդող այս երեւոյթը իրողութիւն է շնորհիւ ՌԱԿ-ի գաղափարախօսութեան զինուորագրուած շարքայիններու ցուցաբերած յարաճուն վստահութեան եւ հաւատարմութեան՝ Կուսակցութեան ղեկավարութեան եւ օրիկանութեան հանդէպ։
Ան նաեւ փաստեց, որ Ռ.Ա.Կ.-ը եղած է, կը մնայ ու անպայմանօրէն պիտի շարունակէ մնալ ազգային միասնականութիւն ու համերաշխութիւն ջատագովողն ու քարոզողը, միշտ դիրքորոշուելով Հայաստանի, հայ ժողովուրդին եւ ազգային մեր բոլոր շահերուն ի նպաստ, առանց ամենադոյզն իսկ ակնկալութեան, ընդհնառակը, յաճախ ալ՝ գիտակից եւ անձնուէր զոհողութեամբ: Ան նաեւ համոզում յայտնեց, որ «Ներկայ խռովայոյզ եղելութիւններու հոլովոյթը յստակօրէն կ’ընդգծէ մեր այժմու իրականութեան մէջ անհրաժեշտութիւնը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան բնութագրումը, տարազումը եւ սկզբունքները ունեցող կուսակցութեան մը, ո՛չ միայն պահելու համար լրջամտութիւն եւ հաւասարակշռութիւն, այլ մանաւանդ՝ դաւանելու եւ ներշնչելու համար իրաւ եւ անշեղ ազգասիրութիւն»։
Միջոցառման պաշտօնական մասի աւարտէն յետոյ հիւրերը ու ներկաները ունկնդրեցին Կոմիտասի, Մակար Եկմալեանի, Բարսեղ Կանաչեանի, Էդգար Յովհաննիսեանի ստեղծագործութիւններու հրաշալի կատարումներ Հայաստանի ազգային ակադեմիական երգչախումբի կողմէ՝ մաեսթրօ Յովհաննէս Չեքիճեանի ղեկավարութեամբ:
Այս առթիւ Ռ.Ա.Կ. Ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանը Գնահատանքի յուշանուէր յնաձնեց մաեսթրօ Յովհաննէս Չեքիճեանին, առ ի գնահատանք Հայ երգի, երաժշտութեան եւ մշակոյթի պանծացման մէջ իր ծաւալուն ներդրումին եւ եզակի վաստակին:
Յոբելենական հանդիսութեան աւարտին, փոխադարձ բարեմաղթանքներու մթնոլորտին մէջ, տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն եւ կատարուեցաւ ՌԱԿ-ի 100-ամեակի կարկանդակի հատումը: