Ռուբինեան եւ Քըլըչ վերահաստատեցին «երկու երկիրներուն միջեւ ամբողջական կարգաւորման հասնելու նպատակը»

2022-05-04
Image

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ բանագնացները Վիեննայի մէջ ունեցած իրենց երրորդ հանդիպումին վերահաստատեցին այս գործընթացին միջոցով յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման հասնելու նպատակը:

Հանդիպումէն ետք, նոյն բովանդակութեամբ յայտարարութիւն հրապարակեցին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ  արտաքին գործոց նախարարութիւնները՝ նշելով. «Նրանք ունեցել են յստակ տեսակէտների անկեղծ ու արդիւնաւէտ փոխանակում եւ քննարկել հնարաւոր քայլերը, որոնք կարող են ձեռնարկուել այս ուղղութեամբ` շօշափելի առաջընթացի հասնելու համար»։ Թէ ի՞նչ են ձեռնարկուելիք քայլերը, որոնց մասին կողմերը պարբերաբար կը նշեն, յստակ չէ։

Թրքական «Սապահ» օրաթերթը գրած է, որ շուրջ 4 ժամ տեւած Ռուբինեան-Քըլըչ հանդիպումը դրական մթնոլորտի մէջ ընթացած է․ բանակցային սեղանին դրուած են կարգաւորման վերաբերող կարգ մը հարցեր, որոնք մանրամասնօրէն քննարկուած են:

Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան՝ բանագնացները վերահաստատեցին իրենց համաձայնութիւնը` շարունակելու գործընթացը առանց նախապայմաններու: