Ռուսական կողմի միջնորդութեամբ այսօր հանդիպած են Արցախի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչները

2023-03-01
Image

Լաչինի միջանցքով մեքենաներու անխոչընդոտ անցումը վերականգնելու եւ միջանցքի նպատակային օգտագործման փաստը հաստատելու հարցը քննարկուած է այսօր Ատրպէյճանի Հանրապետութեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներու եւ ՌԴ խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարի եռակողմ հանդիպման:

Կողմերը քննարկած են նաեւ ելեկտրամատակարարման եւ կազի անխափան մատակարարման հարցերը։

Բացի այդ, հանդիպման քննարկուած է Դրմբոնի եւ Կաշէնի հանքավայրերու մէջ ատրպէյճանական կողմի ներկայացուցիչներու կողմէ շրջակայ միջավայրի վերահսկողութեան հնարաւորութիւնը։ 

Պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են հետագայ համագործակցութեան վերաբերեալ՝ լարուածութեան նուազեցման եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղ կեանքի հաստատման ուղղութեամբ։

Ատրպէյճանի միլի մեճլիսի պատգամաւոր Ռամին Մամետով նշանակուած է Լեռնային Ղարաբաղի հետ կապերու պատասխանատու։ 

Ըստ ատրպէյճանական աղբիւրներուն՝ 1 մարտին Մամետով հանդիպած է Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի շտաբի մէջ՝ Լեռնային Ղարաբաղի «հայ բնակիչներու ներկայացուցիչներուն հետ»։

«Հանդիպման մասնակցած է Բնական միջոցներու ապօրինի շահագործման հարցերով խումբի ղեկավար Մասիմ Մամետով։ Խումբին մէջ ներառուած են  Բնապահպանութեան եւ բնական միջոցներու նախարարութեան, Տնտեսական նախարարութեան գոյքի հարցերով պետական ծառայութեան  եւ AzerGold ՓԲԸ  (Փակ բաժնետիրական ընկերութիւն) փորձագէտները։

Հանդիպման քննարկուած է Ղարաբաղի շրջանի հայ բնակիչներու վերահամարկումը Ատրպէյճանի Հանրապետութիւն՝ Ատրպէյճանի Սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն համապատասխան։ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան Ղարաբաղի շրջանի մէջ բնակող հայ բնակիչներու հետ շփումները կը շարունակուին», - գրած են լրատուամիջոցները։