Ռուսաստան արձագանգած է Հայաստանի սահմանին ուժեր տեղեկայելու թեմային

Հայ-ատրպեճանական սահմանի երկայնքով ռուս սահմանապահներու տեղակայման իրականացման խնդիրներէն մէկը միջազգային-իրաւական ձեւակերպումներու բացակայութիւնն է: Այս մասին յայտարարած է ՌԴ ԱԳՆ տպագրութեան եւ տեղեկատուութեան բաժնի տնօրէնի տեղակալ Ալեքսանտր Պիքանթովը՝ մեկնաբանելով ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկը:
Ան նշած է, որ Ռուսաստանին լրջօրէն կը մտահոգեն վերջին շրջանին հայ-ատրպեճանական սահմանի առանձին հատուածներուն մէջ զինուած միջադէպերը:
«Յատկապէս տագնապալի է այն, որ անոնք երկու կողմերուն մօտ զոհեր կ'արձանագրեն: Ցաւօք, հակառակ անոր, որ քայլեր ձեռնարկուած են, սահմանին լարուածութիւնը դեռ չի նուազիր: Այդ կապակցութեամբ կողմերուն կոչ կ'ընեմ խուսափելու գործողութիւններէ, որոնք յղի են հետագայ լարուածութեամբ: Բոլոր հարցերը պէտք է լուծել բացառապէս խաղաղ դիւանագիտական ճանապարհով: Ռուսաստանը պատրաստ է հետագային եւս ներդրում ունենալ հայ-ատրպեճանական սահմանին իրավիճակի կարգաւորման հարցին»,-ըսած է ան: