Ռուսաց խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ Գորիսէն Ստեփանակերտ՝ մարդասիրական կարիքներու շարասիւն

2023-01-23
Image

Ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութիւնը կը շարունակէ ատրպէյճանական եւ հայկական կողմերու հետ Ստեփանակերտ-Գորիս ճանապարհով փոխադրամիջոցներու անխոչընդոտ տեղաշարժը վերսկսելու բանակցային գործընթացը, յայտնած են Ռուսիոյ Դաշնութեան Պաշտպանութեան նախարարութենէն։

Մարտակերտի, Մարտունիի շրջաններուն մէջ եւ Լաչինի միջանցքին պարեկութիւն իրականացուած է երեք երթուղիով։ Գորիս-Ստեփանակերտ երթուղիով անցած է ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի մէկ շարասիւն՝ մարդասիրական բեռերով։

Ռուս խաղաղապահներու անվտանգութիւնը ապահովելու եւ հնարաւոր միջադէպերը կանխելու համար շարունակական փոխգործակցութիւն կը պահպանուի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբներու հետ։