Ռուս խաղաղապահները ապահոված են Ասկերանի բնակիչներու անվտանգութիւնը ցորենի բերքահաւաքի ժամանակ

Խաղաղապահ զօրախումբի ռուս զինուորականներն ապահոված են Լեռնային Ղարաբաղի Ասկերանի շրջանի բնակիչներու անվտանգութիւնը կողմերու սահմանազատման գիծի մօտ հացահատիկային մշակաբոյսերու հաւաքման ժամանակ: Այս մասին յայտնած է ՌԴ ՊՆ մամուլի ծառայութիւնը:
«Այսօրուայ նպատակը բերքահաւաքի անվտանգութեան ապահովումն է: Մաքրման աշխատանքները կ'իրականացուին Ասկերանի շրջանին մէջ եւ կիրականացուին մէկ շաբթուայ ընթացքին: Այդ աշխատանքները կ'իրականացուին շփման գիծի մօտակայքը, ուստի մեր ներկայութիւնն անհրաժեշտ է»,- ըսած է ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի ներկայացուցիչ Իկոր Սերկէեւը:
Լեռնային Ղարաբաղի հեռաւոր շրջաններու մէջ ցորենի բերքահաւաքը սկսած է ուշացումով՝ ռուս սակրաւորներու կողմէ գիւղատնտեսական նշանակութեան հողերու՝ պայթուցիկ նիւթերէ մաքրումէ եւ չպայթած զինամթերքի ականազերծումէն ետք:
«Ցորեն ենք հաւաքում, տարածքները շատ չեն, բայց ինչ կայ, այն էլ մշակում ենք: Շնորհակալութիւն ռուս խաղաղապահներին՝ մեր անվտանգութիւնն ապահովելու համար: Շուտով կը սկսուեն աշնանային աշխատանքները, կրկին ապաւինում ենք խաղաղապահների օգնութեանը»,-ըսած է Ասկերանի շրջանի բնակիչ Սուրէն Բաբայեանը:
Ասկերանի շրջանի դաշտերու բերքահաւաքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցորենի բերքահաւաքը գրեթէ աւարտին կը հասնի, սակայն տեղի բնակիչները արդէն կը դիմեն Մարդասիրական արձագանգման կեդրոնին՝ ցանքի աշխատանքները չխափանելու համար:
Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահի, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի համատեղ յայտարարութեան մէջ նշուած պայմանաւորուածութիւններու համաձայն՝ 2020 թուականի 10 Նոյեմբերին Մոսկուայի ժամանակով 00:00-էն սկսեալ բոլոր ռազմական գործողութիւններու հրադադար յայտարարուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հրադադարի ռեժիմի վերահսկման համար տեղակայուած է Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբը: