Ռուս խաղաղապահները Արցախի մէջ մարդասիրական եւ բժշկական օգնութիւն ցուցաբերած են աւելի քան 6500 ներքին տեղահանուածի. ՌԴ ՊՆ

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի զինծառայողները կը շարունակեն մարդասիրական եւ բժշկական օգնութիւն ցուցաբերել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ներքին տեղահանուած անձանց, յայտնած է ՌԴ ՊՆ-ն:
Մարդասիրական արձագանգման կեդրոնի աշխատակիցները նպատակային օգնութիւն ցուցաբերելու անհատական մօտեցում ունին: Բնակիչներուն կը տրուին առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներ՝ հագուստ եւ կօշիկ երեխաներու եւ մեծահասակներու համար, լուացքի փոշիներ, կազի այրիչներ ՝ ճաշ պատրաստելու համար, խոհանոցային պարագաներ, մթերային հաւաքածուներ, անկողնային պարագաներ, բարձեր, ծածկոցներ, անձնական մաքրութեան պարագաներ, մանկական խաղալիքներ, ինչպէս նաեւ անհատական բժշկական փաթեթներ:
Ընդհանուր առմամբ, 2020 թուականի Նոյեմբերէն մինչ օրս աւելի քան 6,5 հազար կարիքաւոր ներքին տեղահանուածներ, որոնք յայտնուած են կեանքի դժուարին իրավիճակներու մէջ, մարդասիրական եւ բժշկական օգնութիւն ստացած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներէն: