Ռուս խաղաղապահները իրենց առաքելութիւնը կ՚իրականացնեն նաեւ Մարտակերտի մէջ

2021-01-19
Image

ՌԴ խաղաղապահ զինծառայողներն Արցախի տարածքին տեղակայուած ժամանակակից ամրաշինական կառոյցներով եւ բնակութեան համար հարմարաւէտ պայմաններով յագեցած դիտակէտերուն մէջ կը շարունակեն վերահսկել հրադադարի ռեժիմը եւ վերահսկողութիւն իրականացնել:

«Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած են ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութենէն:

Դիտակէտերը համալրուած են ամրաշինական կառոյցներով, որոնք նախատեսուած են զինծառայողները հրաձգային զէնքէն եւ բեկորներէն պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ յարակից տարածքի նկատմամբ շրջանաձեւ հսկողութիւն իրականացնելու համար:

Ներկայիս խաղաղապահները կ'իրականացնեն իրադրութեան շուրջօրեայ հսկողութիւն եւ հրադադարի ռեժիմի պահպանման վերահսկողութիւն:

Ռուսաստանցի խաղաղապահներու դիտակէտերու անձնակազմի հետ ամէն օր կ'իրականացուին զինադադարի ռեժիմի խախտման պարագային անհրաժեշտ գործողութիւններու պարապմունքներ: Կ'իրականացուին նաեւ դիտակէտերու վրայ հնարաւոր յարձակումներու պարագային պաշտպանուելու պարապմունքներ: