Ռուս խաղաղապահները կը բանակցին միջանցքը վերաբանալու համար

2022-12-20
Image

Ռուս խաղաղապահներու հրամանատարութիւնը կը շարունակէ բանակցութիւնները հայկական եւ ատրպէյճանական կողմերու հետ՝ Լաչինի միջանցքն ապաշրջափակելու համար։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ, այս մասին նշուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Նշուած է, որ ռուս խաղաղապահներու պատասխանատւութեան գօտիին մէջ հրադադարի խախտման միջադէպեր չեն գրանցուած:

Պարեկութիւն իրականացուած է երեք ուղղութիւններով՝ Մարտունիի, Մարտակերտի շրջաններուն մէջ եւ Լաչինի միջանցքին:

«Երեսուն դիտակէտերու վրայ ռուս խաղաղապահները շուրջօրեայ կը վերահսկեն իրավիճակը եւ հրադադարի ռեժիմի պահպանումը»,-նշուած է կայքին մէջ: