Ռուս խաղաղապահները շուրջ 2 թոն մարդասիրական օգնութիւն յատկացուցած են Արցախի Խնուշինակ գիւղի բնակչութեան

2021-11-10
Image

Ռուսական խաղաղապահ զօրամիաւորին զինծառայողները՝ բարերարներու հետ համատեղ, շուրջ 2 թոն մարդասիրական օգնութիւն յատկացուցած են Լեռնային Ղարաբաղի Խնուշինակ համայնքի կարիքաւոր եւ բազմազաւակ ընտանիքներուն: Այս մասին կը յայտնէ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

«Այսօր, բարեգործական «Մերսի» միութեան հետ համատեղ, Խնուշինակ գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ բարեգործական նախաձեռնութիւն մը, որուն մասնակցեցան բոլոր բնակիչները: Բազմազաւակ ընտանիքներուն յատկացուեցան տնտեսական իրեր, կազօճախներ, իսկ բոլոր բնակիչներուն յատկացուեցան հագուստ եւ կօշիկներ: Այդ համայնքին մէջ կ’ապրի 10 բազմազաւակ ընտանիք: Առաջինէն մինչեւ չորրորդ դասարաններու աշակերտներուն թիւը 60 է: Գիւղին բոլոր դպրոցականները ստացած են կօշիկներ:»,- ըսաւ ռուսական խաղաղապահ զօրամիաւորի ներկայացուցիչ Տմիթրի Թուսիտին:

Նախաձեռնութեան շրջանակներէն ներս գիւղին մէջ օգնութիւն ստացած է մօտաւորապէս  1000 բնակիչ: