Ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ մինչ օրս Արցախ վերադարձած է 52 058 բնակիչ

2021-02-03
Image

Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի կողմէ կը շարունակուի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հրադադարի շուրջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման վերահսկումը: Ըստ ՌԴ ՊՆ տեղեկագրին՝ այս մասին յայտնած է ԼՂ-ի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի կողմերու հաշտեցման կեդրոնի պետի տեղակալը:

Անոր խօսքով՝ ռուս խաղաղապահները կ'ապահովեն մեր հայրենակիցներու անվտանգ վերադարձ Լեռնային Ղարաբաղ: Նոյեմբերի կէսերէն մինչ օրս Արցախ վերադարձած է 52 058 բնակիչ:

«29 յունուարէն մինչ այսօր ապահովուած է Ատրպէյճանի ԶՈւ 9 մեքենայի շարասիւնի անցումը խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատւութեան գօտիէն: 31 յունուարին ռուսական ռազմական ոստիկանութեան ուղեկցութեամբ 16 հայ ուխտաւորներ Ստեփանակերտէն այցելած են Դադիվանք եւ վերադարձած»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ռուսական ճարտարապետա-սակրաւորական խումբերը կը շարունակեն չպայթած զինամթերքի որոնումներն ու ոչնչացումը: Այսօրուայ դրութեամբ ստուգուած է 973 շինութիւն, աւելի քան 247 քմ ճանապարհ, մաքրուած է մօտ 893 հեքթար տարածք, յայտնաբերուած եւ ոչնչացուած է 23 950 պայթելու վտանգ ներկայացնող առարկայ: Կը շարունակուին անյայտ կորսուածներու եւ զոհերու մարմիններու որոնումները: