Սահ­մա­նա­գօ­տիի ամբողջ երկայնքով միջադէպեր չեն արձանագրուած․ ՀՀ ՊՆ

2021-03-24
Image

Մարտ 22-ին եւ 23-ին ՀՀ պետական սահմանի հայ-ատրպէյճանական շփման գիծի ամբողջ երկայնքով մարտավարական իրավիճակը փոփոխութեան չէ ենթարկուած, սահմանային միջադէպեր չեն արձանագրուած:

ՀՀ ԱԱԾ-էն ստացուած տեղեկատուութեան համաձայն՝ ԱԱԾ սահմանապահ զօրքերու պատասխանատուութեան տակ գտնուող Գորիս-Կապան միջպետական ճանապարհի Որոտան-Դաւիթ Բեկ հատուածին մէջ եւս մարտավարական իրավիճակի փոփոխութիւն չէ արձանագրուած:

ՀՀ Զինուած ուժերու եւ ԱԱԾ սահմանապահ զօրքերու ստորաբաժանումները կը վերահսկեն սահ­մա­նային իրավիճակը սահմանա­գօտիի ամբողջ երկայնքով եւ կը կատարեն առաջադրուած խնդիրները: